2014-07-21 12:04:21

Յարձակում` Թիֆլիսի հայկական եկեղեցւոյ վրայ


Երէկ` կիրակի, 20 յուլիսին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի տարածած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի, որ շաբաթ, 19 յուլիսին Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ քահանայից դասին, թեմի պաշտօնէութեան եւ հաւատացեալներուն վրայ ծրագրուած յարձակում մը կատարուած է խումբ մը մարդոց կողմէ:
Ըստ հաղորդագրութեան, շաբաթ կէսօրին եկեղեցւոյ կից գտնուող ինքնաշարժներու կառատունի մը մէջ վիճաբանութիւն կը ծագի վրացի կնոջ ու անոր ծանօթներուն եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու թեմի պաշտօնեաներուն միջեւ: Երեկոյեան, «նոյն խումբը հաւաքելով մօտ 50 հոգի, յարձակած են Մանուկ քհնյ. Զէյնալեանի, թեմի իրաւական հարցերով եւ համագործակցութեան բաժինի տնօրէն Լեւոն Իսախանեանի եւ Ռոպերթ Իսախանեանի վրայ: Յարձակողները իրենց հետ տարած են հոգեւորականներէն մէկուն լանջախաչը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Ականատեսները կը պատմեն, թէ եկեղեցւոյ վրայ յարձակողները ինչպիսի ազգային ատելութեամբ լեցուած եղած են հայութեան նկատմամբ: Անոնցմէ ոմանք եղած են ոգելից ըմպելիներու եւ թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ:
Այս ամէնը Վրաստանի բազմաթիւ եկեղեցիներուն մէջ, նաեւ լրատուութեամբ, կենցաղային մակարդակով հայ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան նկատմամբ սերմանուող ատելութեան արդիւնքն է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.